2016-05-04 09:18:00

''Ֆրանչիսկոս` Աստուծոյ Ողորմութեան հոյակապ հաղորդողն է'' ըսաւ հայր Լոմպարտի։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իր խօսքերով եւ առաւելապէս իր վարուելակերպով, Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուծոյ ողորմութեան հոյակապ հաղորդողն է'' ըսաւ հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի` Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը, իր միջամտութիւնը բերելով Ֆիրենցէի մէջ կազմակերպուած Ընկերային Հաղորդակցութեանց հայող թեմական մէկ ձեռնարկին, ի պատրաստութիւն յառաջիկայ 8 Մայիսին ''ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային օրուան'', որուն այս տարուայ Քահանայապետական պատգամին բնաբանն է ''Հաղորդակցութիւն եւ ողորմութիւն'' եւ որուն ներկայացումը կատարեց Ֆիրենցէի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պեթորի։

Հայր Լոմպարտի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի վերոնշեալ համաշխարհային օրուայ պատգամին բնաբանը ընդգծելով. ակնարկեց Յոբելենական տարւոյն առաջին դուռին բացումին, որ տեղի ունեցաւ ոչ թէ Հռոմի` այլ յատուկ վայրի մէջ, Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք` Պանկիի մէջ, վայր մը ուր ''կարիքը կայ կարեկցութեան'' եւ ողորմութեան զոր Աստուած երբեք չի դադրիր զեղելէ մարդուն վրայ։

Այս առընչութեամբ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը յիշեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին արտասանած առաջին Մարեմեան Աղօթքը ու այդ աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած դէպքը այդ ծերունի կնոջ մասին որ ըսած է ''Եթէ Տէրը ամէն բան չի ներէր, աշխարհը գոյութիւն չէր ունենար''։ 

Ֆրանչիսկոս, ըսաւ Հայր Լոմպարտի, Աստուծոյ ողորմութեան հոյակապ հաղորդողն է, եւ այս մէկը ի յայտ կու գայ նաեւ Լեզւոս կատարած հովուական այցելութենէն, ուր` Նորին Սրբութիւնը իր ժամանակին մեծ մասը տրամադրեց ոչ թէ ճարերուն, այլ գաղթականներուն հետ անձնական հանդիպումներ ունենալով։ Ահա այս է որ կը յատկանշէ 2016-ի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու պատգամին մէջ պարունակուած շեշտադրութիւնը` հաղորդակցութիւն մը որ օժանդակէ հանդիպումի մշակոյթին եւ կառուցէ կամուրջներ` ոչ թէ պատնէշներ – ըսաւ Հայր Լոմպարտի։  








All the contents on this site are copyrighted ©.